2015-01-18 10:33:46

Քահանայապետը երիտասարդներուն` ''Սորվեցէք ողբալ տառապողին հետ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Մանիլայի Սուրբ Թոմաս համալսարանի տարածքին ` Կիրակի 18 յունուարի առաւօտեան, երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը անպատրաստից ու սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց անոնց որուն սկիզբը հրաւիրեց աղօթել մէկ օր առաջ Թաքլոպանի տարածքին մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արկածի մը զոհ դարձած 27 ամեայ Քրիսդել անունով երիտասարդուհիին համար։ Կը խնդրեմ որ ամէնքդ միասին մէկ վայրկեան լռութիւն պահէք ու ապա միասնաբար աղօթենք Քրիսդելի համար ինչպէս նաեւ իր ծնողներուն համար որովհետեւ անոնց միակ զաւակն էր – ըսաւ Քահանայապետը ու երիտասարդներուն հետ միասին աղօթեց Ողջոյն քեզ Մարիամ եւ Հայր մեր աղօթքները։
Ան ապա երիտասարդներուն` սպաներէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ, նախ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց հետ գտնուելուն համար, յատկապէս որովհետեւ իր փափաքն էր անոնց փոխանցել Եկեղեցւոյ սէրն ու անոնց վրայ ունեցած յոյսը, ինչպէս նաեւ քաջալերանքը ըլլալու Երկրին քրիստոնեայ քաղաքացիները որոնք ազնուութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը ձգտին բարեփոխելու ընկերութիւնը եւ կառուցելու աւելի լաւ աշխարհ մը։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով երեք երիտասարդներուն` երկու տղայ ու մէկ աղջիկ, որոնք իրենց վկայութիւնները ներկայացուցին հաւաքին սկիզբը` շեշտեց թէ շատ անգամ քիչ տեղ կու տանք կիներուն թէեւ անոնք կարող են այր մարդէն տարբեր աչքերով դիտել իրականութիւնը։ Անոնք կարող են հարցեր տալ որ մարդիկը կարող չեն հասկնալ եւ այսօր կիներու միակ ներկայացուցիչը հարցում մը ուղղեց որ պատասխան մը չունի։ Զայն ըրաւ արցունքներով եւ ոչ թէ խօսքով` ''Ի՞նչու կը տառապին մանուկները''։ Երբ մեր սրտերը պատրաստ ըլլան իրենք զիրենք հարցաքննելու եւ արտասուելու, այն ժամանակ կարող կ՛ըլլանք այս հարցումին պատասխանը գտնել – ըսաւ Քահանայապետը – ընդգծելով թէ եթէ Քրիստոս բաւականանար մարդու ցուցաբերած պարզ կարեկցութեամբ, անցողակի մէկ իրողութիւն մը կը դառնար, սակայն Ան հասկցաւ մեզ ու մեր կեանքը` երբ լացաւ ու կարող դարձաւ արտասուելու։
Սիրելի երիտասարդներ - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը - աշխարհի մէջ պակասը կայ լալու կարողութեան։ Կու լան անտեսուածները, լքուածները բայց անոնք որ մասնաւոր կարիքներ չունին կարող չեն արտասուելու։ Հարց տանք կարո՞ղ ենք ողբալ երբ կը տեսնենք անօթի մանուկ մը, կամ անտուն, լքուած եւ ընկերութենէն կամ անհատներէն շահագործուած մանուկ մը։
Հարկ է ուրեմն սորվիլ արտասուել։ Յիսուս եւս լացաւ իր բարեկամին մահուան համար, լացաւ զաւակը կորսնցուցած ընտանիքի մը հետ, սիրտը ճմլուեցաւ երբ ականատես եղաւ պառաւի մը զաւակին թաղումին ու յատկապէս լացաւ երբ անդրադարձաւ որ բազմաթիւ անձեր մնացած են առանց հովիւի։ Ահա այս է մարտահրաւէրը` մի վախնաք արտասուքէն – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա թելադրեց թանգարանի երիտասարդներու չի վերածուիլ ակնարկելով ներկայ հաղորդակցութեան միջոցներուն որոնք մեզի բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն եւ սակայն դժուարութիւն ունինք զանոնք օգտագործելու։
Մենք կարիքը ունինք սուրբ երիտասարդներու – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու յորդորեց` սիրել սորվիլ որ է կեանքի ամենամեծ մարտահրաւէրը, որովհետեւ միայն սիրոյ միջոցաւ է որ կարող կը դառնանք մեզի փոխանցուած տեղեկութիւնները օգտագործել։ Ան ապա խօսեցաւ աւետարանի երեք բարբառներու մասին` մտածել, ունկնդրել եւ սիրել որոնք պէտք է ներդաշնակ կերպով գործածել - ըսաւ Սրբազան Հայրը - հաստատելով թէ իսկական սէրը կը կայանայ ինքզինք սիրցնելու մէջ։ Աւելի դժուար է ինքզինք սիրցնել քան սիրել, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ զԱստուած սիրելու համար պէտք է նաեւ մենք մեզ սիրցնենք։ Իսկական սէրը կը կայանայ մեզի վերապահուած սիրոյն բացուածք ցուցաբերելու մէջ որ զարմանք կը յառաջացնէ։ Եթէ միայն տեղեկութիւններ հաւաքած ես չես կրնար զարմանալ մինչայդ սէրը քեզ կը դնէ անակնկալի դիմաց։ Աստուած մեզ կը զարմացնէ – ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու հրաւէր ուղղեց թոյլ տալ որ Աստուած մեզ զարմացնէ ու մերժել համակարգիչի հոգեբանութիւնը որ որեւէ անակնկալ չունի մեզի համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա օրինակ բերաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը որ մեռաւ պարապ ձեռքերով սակայն Աստուծոյ սիրող լեցուն սրտով։ Ան ապա մատնանշեց Յիսուսի երիտասարդին ուղղած խօսքին` ''քեզի մէկ բան կը պակսի, գնա ծախէ ամէն ինչքերդ ու հետեւէ ինծի''։ Յաճախ մենք գիտենք տալ սակայն չենք գիտեր ընդունիլ – ըսաւ Սրբազան Հայրը - հրաւիրելով երիտասարդները սորվիլ փորձարկել նաեւ կարեկցութիւնը` դառնալ մուրացկաններ, ու խոնարհութիւն սորվիլ անոնցմէ որոնց օգնութեան կը հասնինք։
Ըլլալ աղքատներուն աւետարանիչներ, ընկալել աղքատներու իմաստութիւնը։ Սիրեցէք աղքատները, մտածեցէք անոնց ու հարց տուէք եթէ այս տարուայ ընթացքին օգտակար կը դառնաք աղքատներուն։ Ահա այս է իմ սրտաբուխ խօսքս ձեզի որովհետեւ Իրականութիւնը կը գերազանցէ միտքն ու գաղափարը - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.